2013-10-26 10:33:44

Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)
(շարունակութիւն)


Արտաշատ- Երրորդ մեհենենիստ քաղաքը` Արտաշատն էր, ուր Արտաշես Բ.ի (Ք. Ա. ռաջին դար) օրով` երկու մեհեան կառուցուեցան. Մին բուն քաղաքին մէջ` նուիրուած Անահիտ դիցուհիին (յետագային` Արտեմիսին), իսկ երկրորդ մեհեանը կը գտնուէր քաղաքէն դուրս ճամբուն վրայ, նուիրուած` Տիր չաստուծոյ (հետագային` Ապողոնին):
Աշտիշատ – Հայոց դիցաբանական պաշտամունքին գլխաւոր կեդրոնը կը գտնուէր ըստ ոմանց Աշտիշատի մէջ (Տարօն), որովհետեւ Ագաթանգեղոսի կողմէ ան կոչուածէ: §Հա-յոց Մեծաց թագաւորաց զոհից վայր¦ եւ կամ ըստ այլոց` Բագաւանի մէջ:
Նաւասարդեան օրերուն, Աշտիշատի մէջ տեղի կ’ունենային Վահագնի ի պատիւ մրցոյթներ: Ի պատիւ Անահիտի` քրմապետը Արածանի գետէն ժողովուրդին վրայ ջուր կը սրսկէր, ժողովուրդնալ իրարու: Իսկ ի պատիւ Աստղիկ դիցուհիին` աղաւնիներ կ’արձակուէին ու վարդեր կը սփռուէին (Վարդավառ):
Հայաստանի առաջին քրիստոնեայ եկեղեցին Աշտիշատի մէջ կանգնուեցաւ Լուսաւոր-չի ձեռքով: Հայոց քրիստոնէացումէն ետք, Աշտիշատի մեհենական կալուածները Լուսաւորչին գերդաստանին նուիրուեցան Տրդատ արքայի ձեռքով, իսկ երբ տան մանչ շառաւիղը սպառեցաւ ու աղջիկ շառաւիղը Մամիկոնեաններուն հետ ամուսնացաւ, նոյն կալուածները Մամիկոնեաններուն անցան:
Բագաւան - Ըստ այլ պատմաբաններու տեսակէտին, Բագաւանն էր հայ հեթանոսա-կան պաշտամունքին իսկական կեդրոնը, ինչպէս անունն ալ կը նշէ: Արդարեւ Բագա-ւանը կոչուած է նաեւ §Բագնից աւան¦ կամ §Դիցաւան¦: Ան կը գտուէր Բագրեւանդ գաւառին մէջ: Ան էր հեթանոս հայութեան հոգեւոր մայրաքաղաքը: Հոն կը գտուէր Հայոց մեծագոյն չաստուծոյ Արամազդ-Վանատուրի մեհեանը, որ քրմապետներուն իբր շիրիմաստան կը ծառայէր:

Հայոց հին չաստուածները
Հեթանոսական պաշտամունքի վայրերուն մասին խօսելէ ետք, այժմ անդրադառնանք հոն պաշտուած հայ դիցաբանութեան չաստուածներուն մասին: Անոնցմէ առաջինն էր` Արամազդ – Անունը իրանական ծագում ունի եւ կը նշանակէ §ամենագետ¦ (Ահուր Մազդա): Ան հին Պարսից Օրամազդան կամ Օրմուզն էր, Սասանեաններուն` Որմիզդը եւ Վիրերուն Արամազդը: Ան նկատուած էր հայ դիցաբանութեան գերագոյն աստուածը եւ բոլոր չաստուածներուն հայրը, երկինքի, արեւի եւ լոյսի աստուածը, պատճառ` երկրի պտղաբերութեան, ստեղծիչ աստուած: Արամազդէն ծնած են, անմայր ծնունդով, Միհրը, Աստղիկը, Անահիտը, որուն յետագային միացած է սեմական ծագումով Նունէ աստոիածուհին:







All the contents on this site are copyrighted ©.